Նոր Կտակարան

Բ Տիմոթեոսին 2:2-13 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

2. եւ ինչ որ լսեցիր ինձմէ շատ վկաներով՝ աւանդէ՛ հաւատարիմ մարդոց, որոնք ընդունակ ըլլան սորվեցնել նաեւ ուրիշներուն:

3. Չարչարա՛նք կրէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս:

4. Ո՛չ մէկ զինուորագրեալ կը կաշկանդուի այս կեանքին գործառնութիւններով, որպէսզի հաճեցնէ իր զօրավարը.

5. եւ մարզիկ մը պսակ չի ստանար, եթէ չմրցի օրինաւոր կերպով:

6. Աշխատող մշակը պէտք է առաջի՛նը ըլլայ՝ պտուղներէն բաժին ստանալու:

7. Հասկցի՛ր ինչ որ կ՚ըսեմ. Տէրը թող տայ քեզի ըմբռնում ամէն բանի մէջ:

8. Յիշէ՛ թէ Դաւիթի զարմէն եղող Յիսուս Քրիստոս՝ մեռելներէն յարութիւն առած է, համաձայն իմ քարոզած աւետարանիս,

9. որուն մէջ կը չարչարուիմ չարագործի մը պէս՝ մինչեւ անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ:

10. Ուստի կը տոկամ ամէն բանի՝ ընտրեալներուն համար, որպէսզի անոնք ալ հասնին այն փրկութեան՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ է՝ յաւիտենական փառքով:

11. Այս խօսքը վստահելի է. որովհետեւ եթէ մեռանք անոր հետ, պիտի ապրինք ալ անոր հետ.

12. եթէ տոկանք, պիտի թագաւորենք ալ անոր հետ: Եթէ ուրանանք զինք, ինք ալ պիտի ուրանայ մեզ.

13. եթէ հաւատարիմ չըլլանք՝ ինք հաւատարիմ կը մնայ, չի կրնար ուրանալ ինքզինք:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Բ Տիմոթեոսին 2