Նոր Կտակարան

Եբրայեցիներին 5:1-12 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Արդարեւ, մարդոց մէջէն առնուած ամէն քահանայապետ՝ նշանակուած է մարդո՛ց համար, որպէսզի Աստուծոյ մատուցանէ ընծաներ ու մեղքերու համար զոհեր:

2. Ան կրնայ հասկացող ըլլալ անոնց՝ որ անգէտ եւ մոլորեալ են, որովհետեւ ի՛նք ալ համակուած է տկարութեամբ.

3. եւ այս պատճառով պարտաւոր է մեղքի պատարագ մատուցանել՝ ինչպէս ժողովուրդին համար, նոյնպէս ալ իրեն համար:

4. Ո՛չ մէկը ինքնիրեն կ՚առնէ այս պատիւը, հապա միայն ա՛ն՝ որ կանչուած է Աստուծմէ, ինչպէս Ահարոն:

5. Նոյնպէս ալ ո՛չ թէ Քրիստո՛ս փառաւորեց ինքզինք՝ քահանայապետ ըլլալու համար, հապա ա՛ն՝ որ ըսաւ իրեն. «Դուն իմ Որդիս ես, ա՛յսօր ծնայ քեզ»:

6. Ինչպէս ուրիշ տեղ մըն ալ կ՚ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ»:

7. Ան՝ իր մարմինին օրերը, սաստիկ գոչիւնով եւ արցունքով, աղերսանք ու պաղատանք մատուցանեց անոր՝ որ կարող էր մահէն փրկել զինք. եւ ընդունուեցաւ՝ իր բարեպաշտութեան պատճառով՝՝:

8. Թէպէտ ինք Որդի էր, հնազանդութիւն սորվեցաւ իր չարչարանքներէն.

9. ու երբ կատարեալ եղաւ, յաւիտենական փրկութիւն պատճառեց բոլոր իրեն հնազանդողներուն,

10. եւ Աստուծմէ յորջորջուեցաւ՝ Քահանայապետ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ:

11. Անոր մասին ունինք շատ ըսելիք, որ դժուար է մեկնաբանել, քանի որ լսելու մէջ անփոյթ էք:

12. Արդարեւ, մինչ ժամանակին համեմատ պարտաւոր էիք վարժապետ ըլլալ, դո՛ւք պէտք ունիք դարձեալ սորվելու թէ որո՛նք են Աստուծոյ պատգամներուն նախաքայլերը: Դուք պէտք ունիք կաթի՛, ո՛չ թէ ամուր կերակուրի.

Կարդալ ամբողջական գլուխ Եբրայեցիներին 5