Նոր Կտակարան

Հայտնություն 19:10-19 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

10. Ես ալ ինկայ անոր ոտքերուն առջեւ՝ որպէսզի երկրպագեմ անոր: Բայց ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. որովհետեւ ես ծառայակից եմ քեզի եւ եղբայրներուդ՝ որոնք ունին Յիսուսի վկայութիւնը: Աստուծո՛յ երկրպագէ (որովհետեւ Յիսուսի վկայութիւնը մարգարէութեան հոգին է) »:

11. Ապա տեսայ երկինքը բացուած, եւ ահա՛ ճերմակ ձի մը կար: Անոր վրայ հեծնողը կը կոչուի Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ, եւ արդարութեա՛մբ կը դատէ ու կը պատերազմի:

12. Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին, գլուխին վրայ շատ թագեր կային, եւ ունէր գրուած անուն մը՝ որ ո՛չ մէկը գիտէր, հապա միայն ինք:

13. Հագած էր արիւնի մէջ թաթխուած հանդերձ մը: Անոր անունը կը կոչուի՝ “Աստուծոյ Խօսքը”:

14. Երկինքի մէջ եղող զօրքերը կը հետեւէին անոր՝ ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած:

15. Անոր բերանէն կ՚ելլէր սրած թուր մը, որպէսզի անով զարնէ ազգերը: Ի՛նք պիտի հովուէ զանոնք՝ երկաթէ գաւազանով, եւ ի՛նք պիտի կոխէ Ամենակալ Աստուծոյ զայրագին բարկութեան գինիին հնձանը:

16. Իր հանդերձին վրայ ու իր ազդրին վրայ ունէր գրուած անուն մը՝ “Թագաւորներու թագաւոր եւ Տէրերու տէր”:

17. Տեսայ նաեւ հրեշտակ մը՝ որ կայնած էր արեւին մէջ: Ան բարձրաձայն աղաղակեց երկինքի մէջտեղ թռչող բոլոր թռչուններուն. «Եկէ՛ք ու հաւաքուեցէ՛ք Աստուծոյ մեծ ընթրիքին՝՝,

18. որպէսզի ուտէք թագաւորներուն մարմինները, հազարապետներուն մարմինները, հզօրներուն մարմինները, ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները, ու բոլորին մարմինները, ազատներուն թէ ստրուկներուն, պզտիկներուն թէ մեծերուն»:

19. Եւ տեսայ գազանը, ու երկրի թագաւորները եւ անոնց զօրքերը, հաւաքուած՝ պատերազմելու ձիուն վրայ հեծնողին հետ, ու անոր զօրքերուն հետ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Հայտնություն 19