Նոր Կտակարան

Գործք 28:26-31 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

26. ըսելով. “Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՛. «Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք, շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք:

27. Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ. իրենց ականջներով ծանր լսեցին եւ իրենց աչքերը գոցեցին, որպէսզի իրենց աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք»”:

28. Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ Աստուծոյ փրկութիւնը ղրկուեցաւ հեթանոսներուն, եւ անո՛նք մտիկ պիտի ընեն»:

29. Ու երբ ըսաւ ասիկա, Հրեաները մեկնեցան՝ սաստիկ վիճաբանելով իրարու հետ:

30. Պօղոս լման երկու տարի բնակեցաւ իր վարձած տունը,

31. ու կ՚ընդունէր բոլոր իրեն եկողները՝ քարոզելով Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ սորվեցնելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին՝ ամբողջ համարձակութեամբ, առանց արգելքի:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 28