Նոր Կտակարան

Ա Պետրոս 2:13-25 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

13. Ուստի հպատակեցէ՛ք ամէն մարդկային հաստատութեան՝ Տէրոջ համար. ըլլա՛յ թագաւորին՝ որպէս բարձրագոյնին,

14. ըլլա՛յ կառավարիչներուն՝ որպէս անոր կողմէն ղրկուածներու, վրէժ առնելու չարագործներէն եւ գովելու բարեգործները:

15. Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է որ պապանձեցնէք անմիտ մարդոց անգիտութիւնը՝ բարիք գործելով,

16. ըլլալով ազատ բայց գործածելով ձեր ազատութիւնը ո՛չ թէ որպէս չարամտութեան ծածկոց, հապա՝ իբր Աստուծոյ ծառաներ:

17. Պատուեցէ՛ք բոլորը. սիրեցէ՛ք եղբայրները. վախցէ՛ք Աստուծմէ. պատուեցէ՛ք թագաւորը:

18. Ծառանե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր տէրերուն ամբողջ երկիւղածութեամբ. ո՛չ միայն բարիներուն եւ ազնիւներուն, այլ նաեւ կամակորներուն:

19. Քանի որ եթէ մէկը՝ Աստուծոյ հանդէպ բարի խղճմտանքով՝ տոկայ անիրաւօրէն չարչարուելու տրտմութեան, ասիկա շնո՛րհք մըն է:

20. Արդարեւ գովեստի արժանի ի՞նչ կայ, եթէ տոկաք՝ մինչ կը կռփահարուիք մեղանչած ըլլալով: Բայց եթէ տոկաք՝ մինչ կը չարչարուիք բարիք գործած ըլլալով, ասիկա շնո՛րհք մըն է Աստուծոյ քով:

21. Քանի որ դուք կանչուեցաք այս բանին համար, որովհետեւ Քրիստո՛ս ալ չարչարուեցաւ ձեզի համար եւ օրինակ թողուց ձեզի՝ որպէսզի հետեւիք իր հետքերուն:

22. Ան մեղք չգործեց, ո՛չ ալ նենգութիւն գտնուեցաւ անոր բերանին մէջ:

23. Երբ կը հեգնուէր, փոխարէնը չէր հեգներ. կը չարչարուէր, բայց չէր սպառնար, հապա կը յանձնէր ինքզինք արդարութեամբ դատողին:

24. Ի՛նք քաւեց մեր մեղքերը խաչափայտին վրայ՝ իր մարմինով, որպէսզի՝ զերծ ըլլալով մեղքէն՝ ապրինք արդարութեան համար: Դուք անոր վէրքերո՛վ բժշկուեցաք.

25. որովհետեւ մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա վերադարձաք ձեր անձերուն Հովիւին եւ Տեսուչին:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ա Պետրոս 2