1. Ո՛վ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է, ծնած է Աստուծմէ. եւ ո՛վ որ կը սիրէ ծնողը՝ կը սիրէ նաեւ անկէ ծնածը:
2. Երբ սիրենք Աստուած ու պահենք անոր պատուիրանները, ատով կը գիտնանք թէ կը սիրենք Աստուծոյ զաւակները:
3. Քանի որ սա՛ է Աստուծոյ սէրը.- պահել անոր պատուիրանները: Իսկ անոր պատուիրանները ծանր չեն,
4. որովհետեւ ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը յաղթէ աշխարհին. մեր հաւատքն է որ կը յաղթէ աշխարհին՝՝:
5. Ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ա՛ն՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է:
6. Ի՛նքն է՝ Յիսուս Քրիստոս՝ որ եկաւ ջուրով ու արիւնով. ո՛չ միայն ջուրով, հապա՝ ջուրով եւ արիւնով. ու Հոգի՛ն է որ կը վկայէ, որովհետեւ Հոգին ճշմարտութիւն է:
7. Արդարեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկինքի մէջ.- Հայրը, Խօսքը եւ Սուրբ Հոգին, ու այս երեքը մէկ են:
8. Նաեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկրի վրայ՝՝.- Հոգին, ջուրը եւ արիւնը, ու այս երեքը միաձայն են:
9. Եթէ կ՚ընդունինք մարդոց վկայութիւնը, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ վկայութիւնը՝ որ տուաւ իր Որդիին մասին:
10. Ա՛ն որ կը հաւատայ Աստուծոյ Որդիին՝ իր մէջ ունի այս վկայութիւնը: Ա՛ն որ չի հաւատար Աստուծոյ՝ ստախօս կը նկատէ՝՝ զայն, որովհետեւ չի հաւատար այն վկայութեան՝ որ Աստուած տուաւ իր Որդիին մասին:
11. Իսկ սա՛ է վկայութիւնը.- Աստուած տուաւ մեզի յաւիտենական կեանքը, եւ այս կեանքը անոր Որդիին մէջ է: