20. որուն համար ես դեսպան մըն եմ՝ շղթաներով. որպէսզի անով համարձակութեա՛մբ խօսիմ՝ ինչպէս պէտք է խօսիմ:
21. Բայց որպէսզի դո՛ւք ալ գիտնաք իմ մասիս՝ թէ ի՛նչ կ՚ընեմ, ամէն բան պիտի գիտցնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրն ու Տէրոջմով հաւատարիմ սպասարկուն:
22. Զինք յատկապէս ղրկեցի ձեզի, որպէսզի գիտնաք մեր մասին, եւ ինք մխիթարէ ձեր սիրտերը:
23. Խաղաղութի՜ւն եղբայրներուն, ու սէ՜ր՝ հաւատքով միասին՝ Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: