Նոր Կտակարան

Եբրայեցիներին 5:7-14 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

7. Ան՝ իր մարմինին օրերը, սաստիկ գոչիւնով եւ արցունքով, աղերսանք ու պաղատանք մատուցանեց անոր՝ որ կարող էր մահէն փրկել զինք. եւ ընդունուեցաւ՝ իր բարեպաշտութեան պատճառով՝՝:

8. Թէպէտ ինք Որդի էր, հնազանդութիւն սորվեցաւ իր չարչարանքներէն.

9. ու երբ կատարեալ եղաւ, յաւիտենական փրկութիւն պատճառեց բոլոր իրեն հնազանդողներուն,

10. եւ Աստուծմէ յորջորջուեցաւ՝ Քահանայապետ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ:

11. Անոր մասին ունինք շատ ըսելիք, որ դժուար է մեկնաբանել, քանի որ լսելու մէջ անփոյթ էք:

12. Արդարեւ, մինչ ժամանակին համեմատ պարտաւոր էիք վարժապետ ըլլալ, դո՛ւք պէտք ունիք դարձեալ սորվելու թէ որո՛նք են Աստուծոյ պատգամներուն նախաքայլերը: Դուք պէտք ունիք կաթի՛, ո՛չ թէ ամուր կերակուրի.

13. քանի որ ամէն կաթնկեր՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ երախայ է.

14. բայց ամուր կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են զատորոշել բարին ու չարը:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Եբրայեցիներին 5