Նոր Կտակարան

Եբրայեցիներին 4:9-16 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

9. Ուրեմն դեռ հանգիստի Շաբաթ մը կը մնայ Աստուծոյ ժողովուրդին.

10. որովհետեւ ա՛ն որ մտաւ անոր հանգստավայրը, ի՛նք ալ հանգստացաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած՝ իրեններէն:

11. Ուրեմն ջանա՛նք մտնել այդ հանգստավայրը, որպէսզի ո՛չ մէկը իյնայ՝ նոյն անհնազանդութեան օրինակին պէս:

12. Որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը կենարար է, ազդու, եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ: Ան թափանցելով կը բաժնէ անձն ու հոգին, յօդերը եւ ծուծը. կը քննարկէ սիրտին մտածումներն ու մտադրութիւնները:

13. Չկայ արարած մը՝ որ աներեւոյթ ըլլայ անոր առջեւ, հապա ամէն բան մերկ ու բաց է անոր աչքերուն առջեւ՝ որուն պիտի տանք մեր հաշիւը:

14. Ուրեմն, քանի որ ունինք երկինքը անցած մեծ Քահանայապետ մը, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին, ամո՛ւր բռնենք մեր դաւանութիւնը:

15. Արդարեւ մենք չունինք քահանայապետ մը՝ որ անկարող ըլլայ կարեկցիլ մեր տկարութիւններուն, հապա ինք ամէն բանի մէջ փորձուած է մեզի նման, սակայն առանց մեղքի:

16. Ուրեմն համարձակութեա՛մբ մօտենանք շնորհքի գահին, որպէսզի ողորմութիւն ստանանք եւ շնորհք գտնենք՝ պատեհ ատեն օգնելու մեզի:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Եբրայեցիներին 4