Նոր Կտակարան

Եբրայեցիներին 3:7-19 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

7. Ուստի, ինչպէս Սուրբ Հոգին կ՚ըսէ. «Այսօր, եթէ պիտի լսէք անոր ձայնը,

8. մի՛ խստացնէք ձեր սիրտերը՝ ինչպէս դառնութեան ատեն, փորձութեան օրը՝ անապատին մէջ,

9. ուր ձեր հայրերը փորձեցին ու քննեցին զիս, թէպէտ քառասուն տարի տեսան իմ գործերս:

10. Ուստի զզուեցայ այդ սերունդէն եւ ըսի. “Անոնք միշտ մոլորած են իրենց սիրտով, ու չգիտցան իմ ճամբաներս”:

11. Հետեւաբար երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ. “Անոնք պիտի չմտնեն իմ հանգստավայրս”»:

12. Զգուշացէ՛ք, եղբայրնե՛ր, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկուն ներսը անհաւատութեան չար սիրտ մը ըլլայ՝ հեռանալով ապրող Աստուծմէն:

13. Հապա ամէն օր յորդորեցէ՛ք զիրար, քանի «այսօր» կ՚ըսուի, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութեամբ:

14. Արդարեւ մենք բաժնեկից եղած ենք Քրիստոսի, եթէ գէթ մինչեւ վախճանը հաստատ բռնենք մեր սկիզբի վստահութիւնը,

15. մինչ կ՚ըսուի. «Այսօր, եթէ պիտի լսէք անոր ձայնը, մի՛ խստացնէք ձեր սիրտերը՝ ինչպէս դառնութեան ատեն»:

16. Քանի որ ոմանք՝ լսելէ ետք՝ դառնացուցին. սակայն ոչ՝՝ բոլորը՝ որ Եգիպտոսէն ելած էին Մովսէսի միջոցով:

17. Իսկ որոնցմէ՞ զզուեցաւ քառասուն տարի. մեղանչողներէն չէ՞ր, որոնց դիակները ինկան անապատին մէջ:

18. Եւ որո՞նց երդում ըրաւ՝ թէ պիտի չմտնեն իր հանգստավայրը, եթէ ոչ՝ անհնազանդներուն:

19. Ու կը տեսնենք թէ չկրցան մտնել՝ իրենց անհաւատութեան պատճառով:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Եբրայեցիներին 3