Նոր Կտակարան

Փիլիպպեցիներին 3:6-12 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

6. նախանձախնդրութեան համեմատ՝ եկեղեցին կը հալածէի, Օրէնքէն եղած արդարութեան համեմատ՝ անմեղադրելի էի:

7. Բայց ինչ որ շահ էր ինծի, վնաս համարեցի զայն՝ Քրիստոսի համար:

8. Ու նոյնիսկ բոլոր բաներն ալ վնաս կը համարեմ՝ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսի գիտութեան գերազանցութեան համար: Բոլոր բաներէն զրկուեցայ անոր համար, եւ աղբ կը համարեմ զանոնք, որպէսզի շահիմ Քրիստոսը

9. ու գտնուիմ իր մէջ, ունենալով ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս՝ որ Օրէնքէն է, հապա ա՛յն՝ որ Քրիստոսի հաւատքին միջոցով է, արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէ է՝ հաւատքով.

10. որպէսզի ճանչնամ զինք եւ իր յարութեան զօրութիւնը, ու հաղորդակից ըլլամ իր չարչարանքներուն՝ կերպարանակից դառնալով իր մահուան,

11. որպէսզի կարենամ հասնիլ՝՝ մեռելներուն յարութեան:

12. Ո՛չ թէ ես արդէն ստացած եմ մրցանակը, կամ արդէն կատարեալ եղած եմ. հապա հետամուտ եմ բռնելու զայն, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Փիլիպպեցիներին 3