Նոր Կտակարան

Փիլիմոնին 1:14-24 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

14. բայց ուզեցի ոչինչ ընել առանց քու կարծիքիդ, որպէսզի քու բարիքդ չըլլայ որպէս թէ հարկադրաբար, հապա՝ ըլլայ կամովին:

15. Թերեւս ան ժամանակ մը զատուեցաւ, որպէսզի յաւիտեան ունենաս զինք.

16. ա՛լ ո՛չ թէ ստրուկի մը պէս, հապա ստրուկէ մը գերիվեր՝ սիրելի եղբօր մը պէս: Ու եթէ սիրելի է մա՛նաւանդ ինծի, ո՜րչափ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմինի համեմատ, թէ՛ ալ Տէրոջմով:

17. Ուրեմն եթէ զիս հաղորդակից կը նկատես՝՝ քեզի, ընդունէ՛ զայն՝ որպէս թէ զիս:

18. Ու եթէ անիրաւած է քեզ կամ պարտք մը ունի, անցո՛ւր զայն իմ հաշիւիս:

19. Ես՝ Պօղոս՝ գրեցի ի՛մ ձեռքովս. ես կը վճարեմ, որ չըսեմ քեզի թէ դո՛ւն ալ՝ դուն քեզ կը պարտիս ինծի:

20. Այո՛, եղբա՛յր, քեզմէ այս օգուտը թող ունենամ Տէրոջմով. հանգստացո՛ւր իմ սիրտս Տէրոջմով:

21. Վստահելով հնազանդութեանդ՝ գրեցի քեզի, քանի որ գիտեմ թէ ըսածէս ա՛լ աւելի պիտի ընես:

22. Միաժամանակ ինծի ալ պատրաստէ հիւրանոց մը, որովհետեւ կը յուսամ թէ պիտի շնորհուիմ ձեզի՝ ձեր աղօթքներուն միջոցով:

23. Կը բարեւէ քեզ Եպափրաս՝ գերութեան ընկերս Քրիստոս Յիսուսով.

24. նաեւ Մարկոս, Արիստարքոս, Դեմաս, Ղուկաս՝ գործակիցներս:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Փիլիմոնին 1