Նոր Կտակարան

Հուդա 1:7-20 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

7. Նմանապէս Սոդոմ ու Գոմոր, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջը եղած քաղաքները, որոնք անձնատուր եղան պոռնկութեան եւ ընթացան ուրիշ մարմինի ետեւէն, իբր օրինակ դրուած են մեր առջեւ, կրելով յաւիտենական կրակին վճիռը:

8. Նմանապէս այս ցնորածներն ալ կը պղծեն մարմինը, կ՚անարգեն տէրութիւնը ու կը հայհոյեն փառքերը:

9. Բայց Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ կը վիճէր Չարախօսին հետ՝ խօսելով Մովսէսի մարմինին մասին, չյանդգնեցաւ հայհոյալից դատավճիռ արձակել՝՝ անոր դէմ, հապա ըսաւ. «Տէ՛րը յանդիմանէ քեզ»:

10. Մինչդեռ ասոնք կը հայհոյեն այն բաները՝ որ չեն գիտեր. իսկ ինչ որ գիտեն բնականաբար, անբան կենդանիներու պէս, կ՚ապականին այդ բաներուն մէջ:

11. Վա՜յ անոնց, քանի որ գացին Կայէնի ճամբայէն, ինկան Բաղաամի մոլորութեան մէջ՝ վարձքի համար, եւ կորսուեցան Կորխի հակաճառութեամբ:

12. Ասոնք բիծեր են ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ, երբ խրախճանք կ՚ընեն ձեզի հետ, իրենք զիրենք արածելով առանց վախի: Անջուր ամպեր են՝ հովերէն քշուած, աշնանային խամրած պտուղով ծառեր, անպտուղ, երկու անգամ մեռած, արմատախիլ եղած.

13. ծովու վայրագ ալիքներ, որ կը փրփրցնեն իրենց ամօթը. մոլորած աստղեր, որոնց համար վերապահուած է խաւարին մթութիւնը յաւիտեան:

14. Ենովք ալ, եօթներորդը Ադամէն ետք, մարգարէացաւ ասոնց համար եւ ըսաւ. «Ահա՛ Տէրը կու գայ իր բիւրաւոր սուրբերով՝

15. դատաստան կիրարկելու բոլորին հանդէպ, ու կշտամբելու անոնց մէջ եղող բոլոր ամբարիշտները՝ իրենց ամբարշտութեամբ ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար, եւ բոլոր խիստ խօսքերուն համար՝ որ ամբարիշտ մեղաւորները խօսեցան անոր դէմ»:

16. Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք կ՚ընթանան իրենց ցանկութիւններուն համաձայն. իրենց բերանները կը խօսին յոխորտաբանութիւններ, ու երեսպաշտութիւն կ՚ընեն օգուտի համար:

17. Բայց դո՛ւք, սիրելինե՛ր, յիշեցէ՛ք այն խօսքերը՝ որ նախապէս ըսուեցան մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ:

18. Անոնք կ՚ըսէին ձեզի թէ “վերջին ժամանակը ծաղրողներ պիտի ըլլան, որոնք պիտի ընթանան իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններուն համաձայն”:

19. Ասոնք՝ իրենք զիրենք զատող, շնչաւոր մարդիկ են, որոնք չունին Հոգին:

20. Իսկ դո՛ւք, սիրելինե՛ր, շինելով դուք ձեզ՝ ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ, եւ աղօթելով Սուրբ Հոգիով,

Կարդալ ամբողջական գլուխ Հուդա 1