26. Բայց դուք չէք հաւատար՝ որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ըսի ձեզի՝՝:
27. Իմ ոչխարներս կը լսեն իմ ձայնս, ես ալ կը ճանչնամ զանոնք, եւ կը հետեւին ինծի:
28. Ես կու տամ անոնց յաւիտենական կեանքը, ու յաւիտեա՛ն պիտի չկորսուին, եւ ո՛չ մէկը պիտի յափշտակէ զանոնք իմ ձեռքէս:
29. Իմ Հայրս՝ որ ինծի տուաւ զանոնք՝ բոլորէն մեծ է, ու ո՛չ մէկը կրնայ յափշտակել իմ Հօրս ձեռքէն:
30. Ես եւ Հայրը մէկ ենք»:
31. Ուստի Հրեաները դարձեալ քարեր վերցուցին՝ որպէսզի քարկոծեն զինք:
32. Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Շատ բարի գործեր ցոյց տուի ձեզի՝ իմ Հօրմէս. անոնցմէ ո՞ր գործին համար կը քարկոծէք զիս»: