Նոր Կտակարան

Հակոբոս 3:1-12 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Եղբայրնե՛րս, ձեր մէջ շատ վարդապետներ թող չըլլան, գիտնալով թէ աւելի խստութեամբ պիտի դատուինք՝՝:

2. Որովհետեւ բոլորս ալ կը սայթաքինք շատ բաներու մէջ. եթէ մէկը չի սայթաքիր խօսքով՝ կատարեալ մարդ է, կարող՝ սանձելու նաեւ ամբողջ մարմինը:

3. Ահա՛ ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք՝ որպէսզի հնազանդին մեզի, եւ կը կառավարենք անոնց ամբողջ մարմինը:

4. Ահա՛ նաւերն ալ, որ ա՛յդչափ մեծ են ու կը քշուին սաստիկ հովերէն, կը կառավարուին ամենափոքր ղեկով մը՝ ի՛նչպէս նաւուղիղը փափաքի:

5. Այդպէս ալ լեզուն պզտիկ անդամ մըն է, բայց կը պարծենայ մեծ բաներով: Ահա՛ ո՜րչափ նիւթ կը վառուի քիչ մը կրակով:

6. Լեզո՛ւն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան աշխարհ մը: Լեզուն ա՛յնպէս դրուած է մեր անդամներուն մէջ, որ կ՚ապականէ ամբողջ մարմինը ու կը բռնկեցնէ բնութեան շրջանը, իսկ ինք կը բռնկի գեհենէն:

7. Գազաններու, թռչուններու, սողուններու եւ ծովային արարածներու ամէն բնութիւն՝ կը նուաճուի ու նուաճուած է մարդկային բնութենէն:

8. Բայց ո՛չ մէկը կրնայ նուաճել լեզուն. ան անզուսպ չար է, լի մահաբեր թոյնով:

9. Անո՛վ կ՚օրհնաբանենք Աստուած ու Հայրը, եւ անո՛վ կ՚անիծենք մարդիկ՝ որ ստեղծուած են Աստուծոյ նմանութեամբ:

10. Միեւնոյն բերանէն կ՚ելլեն օրհնաբանութիւն եւ անէծք: Եղբայրնե՛րս, պէտք չէ որ այս ա՛յսպէս ըլլայ:

11. Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն կը բխեցնէ՞ անոյշ ու դառն ջուր:

12. Եղբայրնե՛րս, թզենին կրնա՞յ ձիթապտուղ տալ, կամ որթատունկը՝ թուզ: Նմանապէս՝ ո՛չ մէկ աղբիւր կրնայ տալ թէ՛ աղի, թէ՛ անոյշ ջուր:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Հակոբոս 3