Նոր Կտակարան

Գաղատացիներին 5:22-26 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

22. Բայց Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն,

23. քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ Օրէնք չկայ:

24. Անոնք որ Քրիստոսիններն են, իրենց մարմինը խաչեցին՝ բնական կիրքերուն ու ցանկութիւններուն հետ:

25. Եթէ Հոգիով կ՚ապրինք՝ նաեւ ընթանա՛նք Հոգիին համաձայն:

26. Սնափառ չըլլա՛նք՝ զիրար գրգռելով եւ իրարու նախանձելով:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գաղատացիներին 5