Նոր Կտակարան

Բ Կորնթացիներին 9:1-6 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Արդարեւ աւելորդ է որ գրեմ ձեզի՝ սուրբերուն սպասարկութեան մասին,

2. քանի գիտեմ ձեր յօժարութիւնը. անոր մասին կը պարծենամ ձեզմով Մակեդոնացիներուն առջեւ, ըսելով թէ Աքայիացիները անցեալ տարուընէ պատրաստուած էին. ու ձեր նախանձախնդրութիւնը դրդեց շատ շատերը:

3. Սակայն ղրկեցի եղբայրները, որպէսզի ձեզի հանդէպ մեր պարծանքը ընդունայն չըլլայ այս մասին, հապա՝ ինչպէս ըսեր եմ՝ պատրաստուած ըլլաք.

4. որպէսզի՝ երբ Մակեդոնացիները գան ինծի հետ եւ անպատրաստ գտնեն ձեզ՝ մենք (որ չըսենք՝ դո՛ւք) ամօթահար չըլլանք այս նոյն պարծանքին վստահութեան համար:

5. Ուրեմն հարկաւոր համարեցի յորդորել եղբայրները, որ նախապէս գան ձեզի ու կանխաւ համախմբեն ձեր նախապէս ծանուցանած առատաձեռնութիւնը, որպէսզի ան պատրաստ ըլլայ իբր առատաձեռնութիւն, ո՛չ թէ իբր ագահութիւն:

6. Բայց սա՛ գիտցէք, թէ ա՛ն որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով ալ պիտի հնձէ, եւ ա՛ն որ առատաձեռնութեամբ կը սերմանէ՝ առատաձեռնութեամբ պիտի հնձէ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Բ Կորնթացիներին 9