Նոր Կտակարան

Բ Հովհաննես 1:4-13 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

4. Մեծապէս ուրախացայ, գտնելով թէ զաւակներէդ ոմանք կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ, այն պատուիրանին համաձայն՝ որ ստացանք Հօրմէն:

5. Հիմա կը թախանձեմ քեզի, տիկի՛ն, որ սիրենք զիրար. կը գրեմ քեզի ո՛չ թէ նոր պատուիրան մը, հապա ա՛ն՝ որ ունէինք սկիզբէն:

6. Սէրը սա՛ է.- ընթանալ անոր պատուիրաններուն համաձայն: Եւ պատուիրանը սա՛ է.- ընթանալ սկիզբէն ի վեր ձեր լսածին համաձայն:

7. Արդարեւ աշխարհ մտած են շատ մոլորեցուցիչներ, որոնք չեն դաւանիր թէ Յիսուս Քրիստոս մարմինով եկաւ: Այսպիսին մոլորեցուցիչ ու նեռ է:

8. Զգուշացէ՛ք դուք ձեզի համար, որ չկորսնցնենք մեր աշխատանքը, հապա ստանանք լման վարձատրութիւն:

9. Ո՛վ որ զանցառու կ՚ըլլայ եւ չի մնար Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, չունի Աստուած: Իսկ ա՛ն որ կը կենայ Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, ունի թէ՛ Հայրը, թէ՛ ալ Որդին:

10. Եթէ մէկը գայ ձեզի ու չբերէ այս ուսուցումը, մի՛ ընդունիք զայն ձեր տունը, եւ մի՛ բարեւէք.

11. որովհետեւ ո՛վ որ բարեւէ զայն՝ կը հաղորդակցի անոր չար գործերուն:

12. Ձեզի գրելիք շատ բան ունէի, բայց չուզեցի գրել թուղթով ու մելանով. քանի որ կը յուսամ գալ ձեզի եւ խօսիլ դէմ առ դէմ, որպէսզի մեր ուրախութիւնը լման ըլլայ:

13. Ընտրեալ քրոջդ զաւակները կը բարեւեն քեզ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Բ Հովհաննես 1