Նոր Կտակարան

Ա Տիմոթեոսին 5:14-22 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

14. Ուրեմն կը փափաքիմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, իրենց տունը կառավարեն՝՝, եւ հեգնելու առիթ չտան հակառակորդին,

15. քանի որ արդէն ոմանք խոտորեցան՝ երթալով Սատանայի ետեւէն:

16. Եթէ հաւատացեալ այր մարդ մը կամ կին մը ունի այրիներ, ի՛նք թող նպաստէ անոնց, որպէսզի եկեղեցին չծանրաբեռնուի ու կարենայ նպաստել իրակա՛ն այրիներուն:

17. Լաւ վերակացու եղող երէցները, մա՛նաւանդ անոնք՝ որոնց աշխատանքն է խօսքը քարոզել եւ սորվեցնել, թող արժանանան կրկնապատիկ պատիւի,

18. որովհետեւ Գիրքը կ՚ըսէ. «Մի՛ կապեր կալի մէջ աշխատող՝՝ եզին դունչը»: Նաեւ. «Գործաւորը արժանի է իր վարձքին»:

19. Երէցի դէմ ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, բայց միայն երկու կամ երեք վկայի առջեւ:

20. Անոնք որ կը մեղանչեն՝ կշտամբէ՛ բոլորին առջեւ, որպէսզի միւսներն ալ վախնան:

21. Կը վկայեմ Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ ընտրեալ հրեշտակներուն առջեւ, որ պահես այս բաները առանց նախընտրանքի, ոչինչ ընելով կողմնակալութեամբ:

22. Աճապարելով ձեռք մի՛ դներ ոեւէ մէկուն վրայ, եւ մի՛ հաղորդակցիր ուրիշներուն մեղքերուն: Դուն քեզ մաքրակենցա՛ղ պահէ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ա Տիմոթեոսին 5