Նոր Կտակարան

Ա Տիմոթեոսին 5:1-9 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Մի՛ սաստեր տարեցը, հապա յորդորէ՛ զայն՝ հօր մը պէս. երիտասարդները՝ եղբայրներու պէս,

2. տարեց կիները՝ մայրերու պէս, դեռահասակները՝ քոյրերու պէս, բոլորովին մաքրակեցութեամբ:

3. Պատուէ՛ այն այրիները՝ որ ի՛րապէս այրի են:

4. Բայց եթէ այրի մը ունի զաւակներ կամ թոռներ, անոնք թող սորվին նախ իրենց տան մէջ բարեպաշտութիւն ցոյց տալ, ու փոխարէնը հատուցանել իրենց ծնողներուն. որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ:

5. Իսկ ան որ ի՛րապէս այրի է ու մինակ մնացած, կը յուսայ Աստուծոյ, եւ գիշեր-ցերեկ կը յարատեւէ աղերսանքի ու աղօթքի մէջ.

6. մինչդեռ փափկասէր այրին մեռած է, թէպէտ կ՚ապրի:

7. Պատուիրէ՛ այս բաները, որպէսզի անարատ ըլլան:

8. Բայց եթէ մէկը չի հոգար իրենները ու մա՛նաւանդ իր ընտանիքը, ան ուրացած է հաւատքը, եւ աւելի գէշ է՝ քան անհաւատ մը:

9. Իբր այրի թող դասուի ա՛ն՝ որ վաթսուն տարեկանէն կրտսեր չէ, մէկ մարդու կին եղած է,

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ա Տիմոթեոսին 5