Նոր Կտակարան

Ա Հովհաննես 2:7-19 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

7. Եղբայրնե՛ր, կը գրեմ ձեզի ո՛չ թէ նոր պատուիրան մը, հապա հին պատուիրան մը՝ որ սկիզբէն ունէիք: Հին պատուիրանը այն խօսքն է՝ որ դուք սկիզբէն լսեցիք:

8. Դարձեալ՝ կը գրեմ ձեզի նոր պատուիրան մը, որ ճշմարիտ է անոր մէջ եւ ձեր մէջ. որովհետեւ խաւարը կ՚անցնի ու ճշմարիտ լոյսը արդէն կը փայլի:

9. Ա՛ն որ կ՚ըսէ թէ լոյսի մէջ է եւ կ՚ատէ իր եղբայրը, տակաւին խաւարի մէջ է:

10. Ա՛ն որ կը սիրէ իր եղբայրը, կը բնակի լոյսի մէջ, ու գայթակղութիւն չկայ իր մէջ:

11. Բայց ա՛ն որ կ՚ատէ իր եղբայրը՝ խաւարի մէջ է, խաւարի մէջ կը քալէ եւ չի գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթայ, որովհետեւ խաւարը կուրցուցած է իր աչքերը:

12. Կը գրեմ ձեզի, որդեակնե՛ր, որովհետեւ ձեր մեղքերը ներուած են ձեզի՝ անոր անունին համար:

13. Կը գրեմ ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ դուք ճանչցաք ա՛ն՝ որ սկիզբէն է: Կը գրեմ ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ դուք յաղթեցիք Չարին:

14. Գրեցի ձեզի, զաւակնե՛ր, որովհետեւ դուք ճանչցաք Հայրը: Գրեցի ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ դուք ճանչցաք ա՛ն՝ որ սկիզբէն է: Գրեցի ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ դուք ուժեղ էք, եւ Աստուծոյ խօսքը կը բնակի ձեր մէջ, ու յաղթեցիք Չարին:

15. Մի՛ սիրէք աշխարհը, ո՛չ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է:

16. Եթէ մէկը կը սիրէ աշխարհը, Հօրը սէրը չկայ իր մէջ. որովհետեւ ամէն ինչ որ աշխարհի մէջ է՝ մարմինի ցանկութիւնը, աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է:

17. Աշխա՛րհն ալ կ՚անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ա՛ն որ կը գործադրէ Աստուծոյ կամքը՝ կը մնայ յաւիտեան:

18. Զաւակնե՛ր, վերջին ժամն է. եւ ինչպէս լսեցիք թէ Նեռը պիտի գայ, արդէ՛ն շատ նեռեր կան. ատկէ կը գիտնանք թէ վերջին ժամն է:

19. Անոնք մեր մէջէն ելան, բայց մեզմէ չէին. որովհետեւ եթէ ըլլային մեզմէ, կը մնային մեզի հետ: Բայց մեզմէ ելան, որպէսզի բացայայտուի թէ անոնք բոլորն ալ մեզմէ չէին:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Ա Հովհաննես 2