2. Որովհետեւ եթէ ես տրտմեցնեմ ձեզ, ա՛լ ո՞վ է որ պիտի ուրախացնէ զիս, եթէ ոչ ան՝ որ տրտմեցաւ ինձմէ:
3. Ասիկա գրեցի, որ երբ գամ՝ տրտմութիւն մը չկրեմ անոնցմէ՝ որ պէտք է ուրախացնեն զիս. քանի որ ձեր բոլորին մասին համոզուած եմ թէ իմ ուրախութիւնս ձեր բոլորինն է:
4. Որովհետեւ շատ տառապանքի մէջ եւ սիրտի կսկիծով գրեցի ձեզի՝ շատ արցունքով. ո՛չ թէ՝ որպէսզի տրտմիք, հապա գիտնաք այն յորդառատ սէ՛րը՝ որ ունիմ ձեզի հանդէպ:
5. Իսկ եթէ մէկը տրտմեցուց, ո՛չ թէ տրտմեցուց զիս, հապա մասամբ (որպէսզի չծանրաբեռնեմ) ձեզ բոլորդ՝՝:
6. Բաւական է այդպիսի մարդուն այն պատիժը՝ որ տրուեցաւ շատերէ:
7. Հետեւաբար՝ ընդհակառակը՝ պէտք է փոխարէնը ներել անոր ու մխիթարել զայն, որպէսզի այնպիսին չյուսալքուի չափազանց տրտմութենէն:
8. Ուստի կ՚աղաչե՛մ ձեզի, որ անոր հանդէպ վաւերացնէք ձեր սէրը.
9. (քանի որ սա՛ նպատակով ալ գրեցի, որպէսզի ձեզ փորձելով գիտնամ թէ ամէն բանի մէջ հնազա՛նդ էք:
10. Անո՛ր՝ որուն դուք որեւէ բան ներէք, ե՛ս ալ կը ներեմ. որովհետեւ եթէ որեւէ բան ներած եմ, ձե՛ր պատճառով անոր ներած եմ՝ Քրիստոսի անձով.)