Նոր Կտակարան

Եբրայեցիներին 8:1-6 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Ահա՛ւասիկ մեր ըսած խօսքերուն գլխաւորը.- մենք ունինք այնպիսի քահանայապետ մը, որ բազմած է երկինքը՝ Աստուծոյ մեծափառութեան գահին աջ կողմը,

2. իբր պաշտօնեայ սրբարանին ու ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէ՛րը կանգնեց, եւ ո՛չ թէ մարդը:

3. Քանի որ ամէն քահանայապետ նշանակուած է ընծաներ ու զոհեր մատուցանելու համար, հարկ էր որ ասիկա՛ ալ ունենար մատուցանելիք բան մը:

4. Ան քահանայ անգամ պիտի չըլլար՝ եթէ երկրի վրայ ըլլար, որովհետեւ կա՛ն քահանաներ՝ որ ընծաներ կը մատուցանեն Օրէնքին համաձայն:

5. (Անոնք պաշտամունք կը կատարեն երկնային բաներուն օրինակով եւ շուքով, ինչպէս Աստուած պատգամ տուաւ Մովսէսի՝ երբ պիտի շինէր խորանը, քանի որ ըսաւ. «Տե՛ս, որպէսզի ամէն բան ընես լեռը քեզի ցոյց տրուած տիպարին համաձայն»:)

6. Իսկ հիմա Յիսուս հասաւ գերազանց պաշտօնի մը, քանի որ միջնորդ է լաւագոյն ուխտի մը՝ որ օրինադրուած է լաւագոյն խոստումներու վրայ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Եբրայեցիներին 8