Նոր Կտակարան

Եբրայեցիներին 6:1-8 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Ուստի՝ ձգե՛նք Քրիստոսի վերաբերեալ նախաբանը ու յառաջանա՛նք դէպի կատարելութիւն, փոխանակ դարձեալ հիմը դնելու մեռած գործերէն ապաշխարութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքին,

2. մկրտութիւններու ուսուցումին ու ձեռնադրութեան, մեռելներու յարութեան եւ յաւիտենական դատաստանին.

3. ա՛յս է որ պիտի ընենք՝ եթէ գէթ Աստուած արտօնէ:

4. Արդարեւ անկարելի է անոնց՝ որոնք անգամ մը լուսաւորուեցան, համտեսեցին երկնային պարգեւը, բաժնեկից դարձան Սուրբ Հոգիին,

5. եւ համտեսեցին Աստուծոյ բարի խօսքն ու գալիք աշխարհին սքանչելիքները,

6. որ վերանորոգուին ապաշխարութեամբ՝ եթէ սայթաքին. քանի որ կրկին կը խաչեն Աստուծոյ Որդին իրենք իրենց համար, ու կը խայտառակեն զայն:

7. Որովհետեւ այն երկիրը՝ որ կը խմէ իր վրայ յաճախ եկած անձրեւը, եւ կ՚արտադրէ յարմար բոյսեր անոնց՝ որոնց համար կը մշակուի, օրհնութիւն կը ստանայ Աստուծմէ.

8. բայց ան որ կ՚արտադրէ փուշեր ու տատասկներ՝ անպէտ է եւ անիծուելու մօտ. անոր վախճանն է այրուիլ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Եբրայեցիներին 6