Նոր Կտակարան

Եբրայեցիներին 2:1-11 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Ուստի պէտք է ա՛լ աւելի ուշադիր ըլլանք մեր լսած բաներուն, որպէսզի չզրկուինք անոնցմէ:

2. Որովհետեւ եթէ հրեշտակներուն ըսած խօսքը հաստատուեցաւ, եւ որեւէ օրինազանցութիւն ու անհնազանդութիւն՝ ստացաւ արդար վարձատրութիւն,

3. մենք ի՞նչպէս զերծ պիտի մնանք՝ եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը հանդէպ, որ սկիզբ առաւ Տէրոջ խօսքով ու մեր մէջ հաստատուեցաւ լսողներուն միջոցով.

4. Աստուած ալ վկայեց նշաններով եւ սքանչելիքներով, ու զանազան հրաշքներով եւ Սուրբ Հոգիին բաշխումներով՝ իր կամքին համաձայն:

5. Արդարեւ հրեշտակներուն չհպատակեցուց այն գալիք երկրագունդը՝ որուն մասին մենք կը խօսինք,

6. հապա մէկը տեղ մը վկայեց եւ ըսաւ. «Մարդը ի՞նչ է՝ որ կը յիշես զայն, կամ մարդու որդին՝ որ կ՚այցելես անոր:

7. Հրեշտակներէն քիչ մը վար ըրիր զայն. փառքով ու պատիւով պսակեցիր զայն, եւ քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ նշանակեցիր զայն.

8. ամէն բան հպատակեցուցիր անոր ոտքերուն ներքեւ»: Քանի որ բոլորը հպատակեցուց անոր, անոր դէմ ըմբոստացող ոչինչ թողուց. բայց հիմա բոլորը անոր հպատակած չենք տեսներ:

9. Սակայն փառքով ու պատիւով պսակուած կը տեսնենք Յիսո՛ւսը, որ հրեշտակներէն քիչ մը վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով մահ համտեսէ բոլորին համար:

10. Որովհետեւ կը պատշաճէր անոր,- որուն համար է ամէն բան, եւ անո՛վ եղած է ամէն բան,- որ շատ որդիներ փառքի մէջ մտցնելու համար՝ չարչարանքներո՛վ կատարեալ ընէ անոնց փրկութեան Ռահվիրան:

11. Արդարեւ ա՛ն որ կը սրբացնէ եւ անո՛նք որ կը սրբանան՝ բոլորն ալ մէկէ՛ մըն են: Այս պատճառով ինք ամօթ չի սեպեր եղբայր կոչել զանոնք՝ ըսելով.

Կարդալ ամբողջական գլուխ Եբրայեցիներին 2