Նոր Կտակարան

Եբրայեցիներին 12:12-23 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

12. Ուստի հաստատեցէ՛ք թուլցած ձեռքերն ու կթոտ ծունկերը,

13. եւ պատրաստեցէ՛ք ուղիղ արահետներ՝ ձեր ոտքերուն համար, որպէսզի ո՛վ որ կաղ է՝ չխոտորի, այլ փոխարէնը բժշկուի:

14. Հետամո՛ւտ եղէք խաղաղութեան՝ բոլորին հետ, եւ սրբութեան՝ առանց որուն ո՛չ մէկը պիտի տեսնէ Տէրը:

15. Ուշադի՛ր եղէք՝ որ ո՛չ մէկը զրկուի Աստուծոյ շնորհքէն. դառնութեան արմատ մը բուսնելով՝ թող չվրդովէ ձեզ, եւ շատեր չպղծուին անով:

16. Ո՛չ մէկը թող ըլլայ պոռնկող, կամ սրբապիղծ՝ Եսաւի պէս, որ մէկ կերակուրի համար ծախեց իր անդրանկութեան իրաւունքը:

17. Քանի որ գիտէք թէ յետոյ՝ երբ ուզեց ժառանգել օրհնութիւնը՝ մերժուեցաւ, թէպէտ փնտռեց զայն արցունքով, որովհետեւ իր ապաշխարութիւնը անօգուտ եղաւ՝՝:

18. Արդարեւ դուք մօտեցած չէք շօշափելի լերան՝ որ կը վառէր կրակով, ո՛չ ալ մթութեան, խաւարին ու մրրիկին,

19. եւ փողին շառաչին ու խօսքերուն ձայնին. զայն լսողները խնդրեցին որ այդ խօսքը այլեւս չըսուի իրենց:

20. (Արդարեւ չէին կրնար տոկալ այդ պատուէրին. «Եթէ նոյնիսկ անասուն մը դպչի լերան՝ պիտի քարկոծուի»:

21. Ա՛յնպէս ահարկու էր երեւոյթը՝ որ Մովսէս ըսաւ. «Սաստիկ կը զարհուրիմ ու կը դողամ»:)

22. Բայց դուք մօտեցած էք Սիոն լերան, ապրող Աստուծոյ քաղաքին՝ երկնային Երուսաղէմին, բիւրաւոր հրեշտակներու համաժողովին,

23. երկինքը արձանագրուած անդրանիկներու համախմբումին, Աստուծոյ՝ որ բոլորին Դատաւորն է, արդարներուն հոգիներուն՝ որոնք կատարելութեան հասած՝՝ են,

Կարդալ ամբողջական գլուխ Եբրայեցիներին 12