Նոր Կտակարան

Եբրայեցիներին 10:1-7 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Արդարեւ Օրէնքը, ունենալով գալիք բարիքներուն շուքը, ո՛չ թէ այդ բաներուն բո՛ւն պատկերը, երբեք չի կրնար կատարեալ ընել անոնք՝ որ կը մօտենան, շարունակ ամէն տարի մատուցանուած նոյն զոհերով:

2. Այլապէս՝ պիտի չդադրէի՞ն մատուցանուելէ, քանի որ պաշտամունք կատարողները՝ մէ՛կ անգամ մաքրուելէն ետք՝ ա՛լ խղճահարութիւն պիտի չունենային մեղքերու համար:

3. Բայց ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ՚ըլլայ անոնցմով.

4. որովհետեւ նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը անկարող է քաւել մեղքերը:

5. Ուստի երբ մտաւ աշխարհ՝ ըսաւ. «Զոհ եւ ընծայ չուզեցիր, հապա մարմին մը պատրաստեցիր ինծի:

6. Ողջակէզներու եւ մեղքի պատարագներու չբարեհաճեցար:

7. Այն ատեն ըսի. “Ահա՛ կու գամ (ի՛մ մասիս գրուած է Գիրքի պատատին մէջ) քու կամքդ գործադրելու, ո՛վ Աստուած”»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Եբրայեցիներին 10