Նոր Կտակարան

Տիտոսին 2:10-15 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

10. չխորեն, հապա բոլորովին բարի հաւատարմութիւն ցոյց տան, որպէսզի զարդարեն մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը՝ ամէն բանի մէջ:

11. Քանի որ Աստուծոյ փրկարար շնորհքը երեւցաւ բոլոր մարդոց,

12. կրթելով մեզ՝ որ ուրանանք ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները, եւ ապրինք խոհեմութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ՝ այս ներկայ աշխարհին մէջ,

13. սպասելով այն երանելի յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի փառքին երեւումին:

14. Ան ընծայեց ինքզինք մեզի համար, որպէսզի ազատագրէ մեզ ամէն անօրէնութենէ, եւ մաքրելով՝ ընէ իր սեփական ժողովուրդը, նախանձախնդիր բարի գործերու:

15. Ըսէ՛ այս բաները, յորդորէ՛ ու կշտամբէ՛ ամբողջ հեղինակութեամբ: Ո՛չ մէկը թող արհամարհէ քեզ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Տիտոսին 2