Նոր Կտակարան

Փիլիմոնին 1:7-16 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

7. Քանի որ մեծ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն ունինք քու սիրոյդ համար, որովհետեւ սուրբերուն սիրտը քեզմով հանգստացած է, եղբա՛յր:

8. Ուստի, թէպէտ Քրիստոսով շատ համարձակութիւն ունիմ հրամայելու քեզի ինչ որ պատշաճ է,

9. փոխարէնը կ՚աղաչե՛մ՝ սիրոյ համար, ըլլալով այնպիսի մէկը, ինչպէս եմ ես՝ Պօղոս, ծերացած, եւ հիմա՝ նաեւ Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը:

10. Կ՚աղաչե՛մ քեզի զաւակիս՝ Ոնեսիմոսի համար, որ ծնայ իմ կապերուս մէջ:

11. Ան ժամանակին անպէտ էր քեզի. իսկ հիմա պիտանի է թէ՛ քեզի, թէ՛ ինծի:

12. Ետ ղրկեցի զայն քեզի. իսկ դուն ընդունէ՛ զինք իբր իմ սիրտս:

13. Կ՚ուզէի իմ քովս պահել զայն, որպէսզի քու կողմէդ սպասարկէ ինծի՝ աւետարանի կապերուն մէջ.

14. բայց ուզեցի ոչինչ ընել առանց քու կարծիքիդ, որպէսզի քու բարիքդ չըլլայ որպէս թէ հարկադրաբար, հապա՝ ըլլայ կամովին:

15. Թերեւս ան ժամանակ մը զատուեցաւ, որպէսզի յաւիտեան ունենաս զինք.

16. ա՛լ ո՛չ թէ ստրուկի մը պէս, հապա ստրուկէ մը գերիվեր՝ սիրելի եղբօր մը պէս: Ու եթէ սիրելի է մա՛նաւանդ ինծի, ո՜րչափ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմինի համեմատ, թէ՛ ալ Տէրոջմով:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Փիլիմոնին 1