Նոր Կտակարան

Մատթեոս 5:3-23 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

3. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:

4. Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի մխիթարուին:

5. Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի ժառանգեն երկիրը:

6. Երանի՜ անոնց՝ որ անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան, որովհետեւ անո՛նք պիտի կշտանան:

7. Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անո՛նք ողորմութիւն պիտի գտնեն:

8. Երանի՜ անոնց՝ որ սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անո՛նք պիտի տեսնեն Աստուած:

9. Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անո՛նք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին:

10. Երանի՜ անոնց՝ որ հալածուած են արդարութեան համար, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:

11. Երանի՜ ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն, եւ ստութեամբ ձեզի դէմ ամէն տեսակ չար խօսքեր կ՚ըսեն՝ իմ պատճառովս:

12. Ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը շատ է երկինքը. քանի որ ա՛յս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»:

13. «Դո՛ւք էք երկրի աղը. եթէ աղը կորսնցնէ իր համը, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի: Անկէ ետք ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ, հապա դուրս կը նետուի եւ կը կոխկռտուի մարդոց ոտքին տակ:

14. Դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը՝ որ լերան վրայ կը գտնուի՝՝, չի կրնար պահուիլ:

15. Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա՝ աշտանակի՛ վրայ, որ լուսաւորէ բոլոր տան մէջ եղողները:

16. Ձեր լոյսը ա՛յնպէս թող փայլի մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառաբանեն ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է»:

17. «Մի՛ կարծէք թէ եկայ՝ աւրելու Օրէնքը կամ Մարգարէները: Եկայ ո՛չ թէ աւրելու, հապա՝ գործադրելու:

18. Որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Մինչեւ որ երկինքն ու երկիրը անցնին, Օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի՝ մինչեւ որ բոլորն ալ կատարուին”:

19. Ուրեմն ո՛վ որ այս ամենափոքր պատուիրաններէն մէկը լուծէ եւ մարդոց ա՛յնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ. բայց ո՛վ որ գործադրէ ու սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ:

20. Որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ ձեր արդարութիւնը չգերազանցէ դպիրներու եւ Փարիսեցիներու արդարութիւնը, բնա՛ւ պիտի չմտնէք երկինքի թագաւորութիւնը”»:

21. «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. “Մի՛ սպաններ”: Ո՛վ որ սպաննէ, արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի:

22. Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ զուր տեղը բարկանայ իր եղբօր դէմ՝ արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի: Ո՛վ որ "ապուշ" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ ատեանի դատապարտութեան: Ո՛վ որ "յիմար" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ գեհենի կրակին”:

23. Ուրեմն եթէ քու ընծադ զոհասեղանին վրայ բերես, ու հոն յիշես թէ եղբայրդ բա՛ն մը ունի քեզի դէմ,

Կարդալ ամբողջական գլուխ Մատթեոս 5