Նոր Կտակարան

Մատթեոս 5:24-41 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

24. հո՛ն ձգէ ընծադ՝ զոհասեղանին առջեւ. նա՛խ գնա՝ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ, եւ ա՛յն ատեն եկուր՝ որ մատուցանես ընծադ:

25. Շուտո՛վ համաձայնէ քու ոսոխիդ հետ, մինչ ճամբան ես անոր հետ, որպէսզի հակառակորդդ չյանձնէ քեզ դատաւորին, ու դատաւորը՝ ոստիկանին, եւ բանտը չնետուիս:

26. Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Բնա՛ւ դուրս պիտի չելլես անկէ, մինչեւ որ վճարես վերջին նաքարակիտը”»:

27. «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. “Շնութիւն մի՛ ըներ”:

28. Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կը նայի կնոջ մը՝ անոր ցանկալու համար, արդէ՛ն անիկա իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած է անոր հետ”:

29. Ուստի եթէ աջ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, հանէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ աւելի օգտակար է քեզի՝ որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը:

30. Եթէ աջ ձեռքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ աւելի օգտակար է քեզի՝ որ անդամներէդ մէկը կորսուի, ու ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը»:

31. «Նաեւ ըսուեցաւ. “Ո՛վ որ արձակէ իր կինը, թող տայ անոր ամուսնալուծումի վկայագիր մը”:

32. Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կ՚արձակէ իր կինը՝ առանց պոռնկութեան պատճառի, ի՛նք շնութիւն ընել կու տայ անոր, եւ ո՛վ որ կ՚ամուսնանայ արձակուածին հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ”»:

33. «Լսեր էք դարձեալ թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. “Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա հատուցանէ՛ Տէրոջ ըրած երդումներդ”:

34. Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Երբե՛ք երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որ Աստուծոյ գահն է,

35. ո՛չ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որ Մեծ Թագաւորին քաղաքն է,

36. ո՛չ ալ գլուխիդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մէ՛կ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել:

37. Հապա ձեր խօսքը ըլլայ՝ այո՛ն՝ այո՛, եւ ո՛չը՝ ո՛չ. ասկէ աւելին յառաջ կու գայ Չարէն”»:

38. «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. “Աչքի տեղ՝ աչք, եւ ակռայի տեղ՝ ակռայ”:

39. Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Չարին մի՛ դիմադրեր. հապա ո՛վ որ ապտակէ աջ այտիդ, դարձո՛ւր անոր միւսն ալ:

40. Եթէ մէկը ուզէ դատ վարել քեզի հետ ու բաճկոնդ առնել, թո՛ղ տուր անոր հանդերձդ ալ:

41. Եւ ո՛վ որ ստիպէ քեզ մղոն մը երթալ, գնա՛ անոր հետ երկու մղոն:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Մատթեոս 5