Նոր Կտակարան

Մատթեոս 25:1-10 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. «Այն ատեն երկինքի թագաւորութիւնը պիտի նմանի տասը կոյսերու, որոնք՝ առնելով իրենց լապտերները՝ գացին դիմաւորելու փեսան:

2. Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին, իսկ հինգը՝ յիմար:

3. Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց ձէթ չառին իրենց հետ.

4. սակայն իմաստունները՝ ամաններով ձէթ ալ առին իրենց լապտերներուն հետ:

5. Երբ փեսան ուշացաւ, բոլորն ալ թմրեցան ու քնացան:

6. Կէս գիշերին գոչիւն մը եղաւ. “Ահա՛ փեսան կու գայ. գացէ՛ք դիմաւորելու զինք”:

7. Այն ատեն բոլոր կոյսերը ոտքի ելան եւ յարդարեցին իրենց լապտերները:

8. Յիմարները ըսին իմաստուններուն. “Տուէ՛ք մեզի ձեր ձէթէն, որովհետեւ մեր լապտերները կը մարին”:

9. Իմաստունները պատասխանեցին. “Ո՛չ. գուցէ չբաւէ մեզի ու ձեզի. այլ մանաւանդ գացէ՛ք ծախողներուն եւ գնեցէ՛ք ձեզի համար”:

10. Երբ անոնք գացին գնելու՝ փեսան եկաւ. պատրաստ եղողները հարսանիքի մտան անոր հետ, ու դուռը գոցուեցաւ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Մատթեոս 25