Նոր Կտակարան

Մատթեոս 24:44-51 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

44. Ուստի դո՛ւք ալ պատրա՛ստ կեցէք, որովհետեւ մարդու Որդին պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք ակնկալեր»:

45. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան, որ իր տէրը նշանակեց իր ծառաներուն վրայ՝ որպէսզի ատենին կերակուր տայ անոնց:

46. Երանի՜ այդ ծառային, որ իր տէրը՝ եկած ատենը՝ պիտի գտնէ թէ ա՛յնպէս կ՚ընէ:

47. Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ պիտի նշանակէ զայն իր ամբողջ ինչքին վրայ:

48. Հապա եթէ այդ չար ծառան ըսէ իր սիրտին մէջ. “Իմ տէրս կ՚ուշացնէ իր գալը”,

49. եւ սկսի ծեծել իր ծառայակիցները, ուտել ու խմել արբեցողներուն հետ,

50. այդ ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը՝ երբ չի սպասեր, եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր,

51. ու երկուքի պիտի կտրէ զայն եւ պիտի դնէ անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ. հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում »:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Մատթեոս 24