Նոր Կտակարան

Մատթեոս 22:7-23 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

7. Թագաւորն ալ՝ երբ լսեց՝ բարկացաւ. ղրկեց իր զօրքերը, կորսնցուց այդ մարդասպանները ու այրեց անոնց քաղաքը:

8. Այն ատեն ըսաւ իր ծառաներուն. “Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրեալները արժանի չէին:

9. Ուրեմն գացէ՛ք դէպի ճամբաներուն գլուխները, եւ ո՛վ որ գտնէք՝ հրաւիրեցէ՛ք հարսանիքի”:

10. Այդ ծառաները դուրս ելան՝ դէպի ճամբաներուն գլուխները, եւ ո՛վ որ գտան՝ թէ՛ չար, թէ՛ բարի, բոլորն ալ հաւաքեցին. ու հարսնետունը լեցուեցաւ հրաւիրեալներով:

11. Երբ թագաւորը մտաւ՝ տեսնելու հարսնեւորները, տեսաւ մարդ մը՝ որ հագած չէր հարսանիքի հագուստ:

12. Ըսաւ անոր. “Ընկե՛ր, ի՞նչպէս մտար հոս՝ առանց հարսանիքի հագուստի”: Ան ալ պապանձեցաւ:

13. Այն ատեն թագաւորը ըսաւ սպասարկուներուն. “Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, եւ առէ՛ք ու նետեցէ՛ք զայն դուրսի խաւարը. հոն պիտի ըլլայ լաց եւ ակռաներու կրճտում ”:

14. Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ»:

15. Այն ատեն Փարիսեցիները գացին խորհրդակցելու, թէ ի՛նչպէս խօսքով ձգեն զայն ծուղակի մէջ:

16. Ու ղրկեցին անոր իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններուն հետ, եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես ու ճշմարտութեամբ կը սորվեցնես Աստուծոյ ճամբան, եւ հոգ չես ըներ ոեւէ մէկուն համար, քանի որ երեսպաշտութիւն չես ըներ մարդոց:

17. Ուստի ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ է քու կարծիքդ. “Արտօնուա՞ծ է տուրք տալ կայսրին՝ թէ ոչ”»:

18. Յիսուս՝ գիտնալով անոնց չարամտութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ կը փորձէք զիս, կեղծաւորնե՛ր:

19. Ցո՛յց տուէք ինծի տուրքին դրամը»: Անոնք դահեկան մը բերին իրեն:

20. Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գրութիւնը»:

21. Ըսին անոր. «Կայսրի՛ն»: Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն ինչ որ կայսրինն է՝ տուէ՛ք կայսրին, եւ ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծո՛յ»:

22. Երբ լսեցին՝ զարմացան, ու թողուցին զայն եւ գացին:

23. Նոյն օրը անոր քով եկան Սադուկեցիները, որոնք կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ու հարցուցին անոր.

Կարդալ ամբողջական գլուխ Մատթեոս 22