41. Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց.
42. «Քրիստոսի մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը. որո՞ւ որդին է»:
43. Ըսին իրեն. «Դաւիթի՛»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զայն Տէր կը կոչէ ու կ՚ըսէ.
44. “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:
45. Ուրեմն եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս ան իր որդին կ՚ըլլայ»:
46. Ո՛չ մէկը կրնար խօսքո՛վ մը պատասխանել անոր: Այդ օրէն ետք՝ ո՛չ մէկը կը յանդգնէր բան մը հարցնել անոր: