30. Քանի որ յարութեան ատեն՝ ո՛չ կ՚ամուսնանան եւ ո՛չ ամուսնութեան կը տրուին, հապա երկինքի մէջ՝ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են:
31. Բայց մեռելներուն յարութեան մասին չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը.
32. “Ե՛ս եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”: Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն»:
33. Բազմութիւնը ասիկա լսելով՝ կ՚ապշէր անոր ուսուցումին վրայ:
34. Բայց Փարիսեցիները՝ երբ լսեցին թէ ան պապանձեցուց Սադուկեցիները, տեղ մը հաւաքուեցան,
35. եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց՝ զայն փորձելով.
36. «Վարդապե՛տ, ո՞ր պատուիրանը մեծ է Օրէնքին մէջ»:
37. Յիսուս ըսաւ անոր. «“Սիրէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ անձովդ եւ ամբողջ միտքովդ”:
38. Ա՛յս է առաջին ու մեծ պատուիրանը:
39. Եւ երկրորդը՝ ասոր նման. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս”:
40. Այս երկու պատուիրաններէն կախուած են ամբողջ Օրէնքն ու Մարգարէները»: