Նոր Կտակարան

Մատթեոս 22:28-44 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

28. Ուրեմն, յարութեան ատեն՝ այդ եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. որովհետեւ բոլորն ալ ունեցան զայն իբր կին»:

29. Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Դուք մոլորած էք. ո՛չ Գիրքերը գիտէք, ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը:

30. Քանի որ յարութեան ատեն՝ ո՛չ կ՚ամուսնանան եւ ո՛չ ամուսնութեան կը տրուին, հապա երկինքի մէջ՝ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են:

31. Բայց մեռելներուն յարութեան մասին չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը.

32. “Ե՛ս եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”: Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն»:

33. Բազմութիւնը ասիկա լսելով՝ կ՚ապշէր անոր ուսուցումին վրայ:

34. Բայց Փարիսեցիները՝ երբ լսեցին թէ ան պապանձեցուց Սադուկեցիները, տեղ մը հաւաքուեցան,

35. եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց՝ զայն փորձելով.

36. «Վարդապե՛տ, ո՞ր պատուիրանը մեծ է Օրէնքին մէջ»:

37. Յիսուս ըսաւ անոր. «“Սիրէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ անձովդ եւ ամբողջ միտքովդ”:

38. Ա՛յս է առաջին ու մեծ պատուիրանը:

39. Եւ երկրորդը՝ ասոր նման. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս”:

40. Այս երկու պատուիրաններէն կախուած են ամբողջ Օրէնքն ու Մարգարէները»:

41. Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց.

42. «Քրիստոսի մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը. որո՞ւ որդին է»:

43. Ըսին իրեն. «Դաւիթի՛»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զայն Տէր կը կոչէ ու կ՚ըսէ.

44. “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Մատթեոս 22