Նոր Կտակարան

Մատթեոս 22:18-33 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

18. Յիսուս՝ գիտնալով անոնց չարամտութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ կը փորձէք զիս, կեղծաւորնե՛ր:

19. Ցո՛յց տուէք ինծի տուրքին դրամը»: Անոնք դահեկան մը բերին իրեն:

20. Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գրութիւնը»:

21. Ըսին անոր. «Կայսրի՛ն»: Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն ինչ որ կայսրինն է՝ տուէ՛ք կայսրին, եւ ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծո՛յ»:

22. Երբ լսեցին՝ զարմացան, ու թողուցին զայն եւ գացին:

23. Նոյն օրը անոր քով եկան Սադուկեցիները, որոնք կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ու հարցուցին անոր.

24. «Վարդապե՛տ, Մովսէս ըսաւ. “Եթէ մէկը մեռնի առանց զաւակի, անոր եղբայրը թող ամուսնանայ անոր կնոջ հետ, եւ զարմ հանէ իր եղբօր”:

25. Ուրեմն եօթը եղբայրներ կային մեր քով: Առաջինը ամուսնացաւ ու վախճանեցաւ, եւ զարմ չունենալուն համար՝ իր կինը թողուց իր եղբօր:

26. Նմանապէս ալ երկրորդն ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը:

27. Ամենէն ետք կինն ալ մեռաւ:

28. Ուրեմն, յարութեան ատեն՝ այդ եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. որովհետեւ բոլորն ալ ունեցան զայն իբր կին»:

29. Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Դուք մոլորած էք. ո՛չ Գիրքերը գիտէք, ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը:

30. Քանի որ յարութեան ատեն՝ ո՛չ կ՚ամուսնանան եւ ո՛չ ամուսնութեան կը տրուին, հապա երկինքի մէջ՝ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են:

31. Բայց մեռելներուն յարութեան մասին չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը.

32. “Ե՛ս եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”: Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն»:

33. Բազմութիւնը ասիկա լսելով՝ կ՚ապշէր անոր ուսուցումին վրայ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Մատթեոս 22