Նոր Կտակարան

Մատթեոս 2:4-16 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

4. Ապա, հաւաքելով բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին դպիրները, հարցափորձեց զանոնք թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը:

5. Անոնք ալ ըսին իրեն. «Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ: Որովհետեւ սա՛ գրուած է մարգարէին միջոցով.

6. “Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի՛ երկիր, Յուդայի կառավարիչներուն մէջ բնա՛ւ ամենափոքրը չես. որովհետեւ Կառավարիչ մը պիտի ելլէ քեզմէ, որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը”»:

7. Այն ատեն Հերովդէս ծածկաբար կանչեց մոգերը, ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ժամանակը,

8. եւ ղրկեց զանոնք Բեթլեհէմ՝ ըսելով. «Գացէ՛ք, ճշգրտութեա՛մբ տեղեկացէք մանուկին մասին, ու երբ գտնէք զայն՝ լո՛ւր բերէք ինծի, որպէսզի ե՛ս ալ երթամ՝ երկրպագեմ անոր»:

9. Երբ անոնք թագաւորէն լսեցին այս խօսքը, մեկնեցան. եւ ահա՛ այն աստղը՝ որ տեսեր էին արեւելքի մէջ, կ՚երթար անոնց առջեւէն՝ մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ:

10. Երբ տեսան աստղը, չափազանց ուրախացան:

11. Եւ տուն մտնելով՝ տեսան մանուկը, իր մօր՝ Մարիամի հետ. իյնալով երկրպագեցին անոր, ու բանալով իրենց գանձերը՝ մատուցանեցին անոր ընծաներ.- ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:

12. Ու երազի մէջ պատգամ ստանալով՝ որ չվերադառնան Հերովդէսի, ուրիշ ճամբայով մեկնեցան իրենց երկիրը:

13. Երբ անոնք մեկնեցան, ահա՛ Տէրոջ հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփի եւ ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը, եւ փախի՛ր Եգիպտոս. հո՛ն կեցիր՝ մինչեւ որ քեզի ըսեմ, քանի որ Հերովդէս պիտի փնտռէ մանուկը՝ կորսնցնելու համար զայն»:

14. Ան ալ ոտքի ելաւ, գիշերուան մէջ առաւ մանուկն ու անոր մայրը, մեկնեցաւ Եգիպտոս, եւ հոն էր մինչեւ Հերովդէսի վախճանիլը,

15. որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած Տէրոջ խօսքը. «Եգիպտոսէ՛ն կանչեցի իմ որդիս»:

16. Այն ատեն Հերովդէս, տեսնելով թէ խաբուեցաւ մոգերէն, սաստիկ զայրացաւ, ու ղրկեց՝ ջարդեց Բեթլեհէմի եւ անոր ամբողջ հողամասին մէջ եղող բոլոր մանուկները՝ երկու տարեկան ու անկէ վար, այն ժամանակին համեմատ՝ որ ստուգած էր մոգերէն:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Մատթեոս 2