Նոր Կտակարան

Մատթեոս 2:1-10 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ՝ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա՛ արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ,

2. եւ ըսին. «Ո՞ւր է ա՛ն՝ որ ծնաւ իբր Հրեաներուն թագաւորը. որովհետեւ մենք տեսանք անոր աստղը՝ արեւելքի մէջ, ու եկանք երկրպագելու անոր»:

3. Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց՝ վրդովեցաւ, եւ իրեն հետ՝ ամբողջ Երուսաղէմը:

4. Ապա, հաւաքելով բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին դպիրները, հարցափորձեց զանոնք թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը:

5. Անոնք ալ ըսին իրեն. «Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ: Որովհետեւ սա՛ գրուած է մարգարէին միջոցով.

6. “Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի՛ երկիր, Յուդայի կառավարիչներուն մէջ բնա՛ւ ամենափոքրը չես. որովհետեւ Կառավարիչ մը պիտի ելլէ քեզմէ, որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը”»:

7. Այն ատեն Հերովդէս ծածկաբար կանչեց մոգերը, ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ժամանակը,

8. եւ ղրկեց զանոնք Բեթլեհէմ՝ ըսելով. «Գացէ՛ք, ճշգրտութեա՛մբ տեղեկացէք մանուկին մասին, ու երբ գտնէք զայն՝ լո՛ւր բերէք ինծի, որպէսզի ե՛ս ալ երթամ՝ երկրպագեմ անոր»:

9. Երբ անոնք թագաւորէն լսեցին այս խօսքը, մեկնեցան. եւ ահա՛ այն աստղը՝ որ տեսեր էին արեւելքի մէջ, կ՚երթար անոնց առջեւէն՝ մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ:

10. Երբ տեսան աստղը, չափազանց ուրախացան:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Մատթեոս 2