17. Կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, ուշադի՛ր եղէք անոնց՝ որ կը գոյացնեն բաժանումներ եւ գայթակղութիւններ, հակառակ ձեր սորված ուսուցումին, ու հեռացէ՛ք անոնցմէ:
18. Որովհետեւ այդպիսիները կը ծառայեն ո՛չ թէ մեր Տէրոջ՝ Քրիստոսի, հապա իրենց որովայնին, եւ անմեղներուն սիրտերը կը խաբեն բարի խօսքերով ու գովեստներով:
19. Քանի որ ձեր հնազանդութիւնը բոլորին ծանօթ է, ես ալ ձեզի համար ուրախ եմ. բայց նաեւ կ՚ուզեմ՝ որ դուք իմաստուն ըլլաք բարիին հանդէպ, եւ աննենգ՝ չարին:
20. Եւ խաղաղութեան Աստուածը շուտով պիտի ջախջախէ Սատանան ձեր ոտքերուն տակ: Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ:
21. Տիմոթէոս՝ իմ գործակիցս, եւ Ղուկիոս, Յասոն ու Սոսիպատրոս՝ իմ ազգականներս, կը բարեւեն ձեզ:
22. (Ե՛ս ալ՝ Տերտիոս, որ գրեցի այս նամակը, կը բարեւեմ ձեզ Տէրոջմով:)
23. Գայիոս՝ իմ եւ ամբողջ եկեղեցիին հիւրընկալը՝ կը բարեւէ ձեզ: Երաստոս՝ քաղաքին գանձապետը՝ կը բարեւէ ձեզ, նաեւ Կուարտոս եղբայրը:
24. Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն:
25. Եւ հիմա՝ անո՛ր, որ կարող է ձեզ ամրացնել՝ իմ աւետարանիս ու Յիսուս Քրիստոսի քարոզութեան համաձայն, այն խորհուրդին յայտնութեան համաձայն՝ որ լռութեան մէջ մնացած էր դարերու ժամանակներէն ի վեր,
26. բայց հիմա բացայայտ եղաւ ու Մարգարէներուն գիրքերով - յաւիտենական Աստուծոյ հրամանին համաձայն - բոլոր հեթանոսներուն գիտցուեցաւ՝ հաւատքի հնազանդութեան համար,
27. միա՛կ իմաստուն Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով փա՜ռք յաւիտեան: Ամէն: