35. Դուք չէ՞ք ըսեր. “Տակաւին չորս ամիս կայ՝ որ հունձքի ատենը գայ”: Ահա՛ ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը եւ դիտեցէ՛ք արտե՛րը. արդէ՛ն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են”:
36. Ա՛ն որ կը հնձէ՝ վարձք կը ստանայ, եւ պտուղ կը ժողվէ յաւիտենական կեանքի համար, որպէսզի սերմանողն ու հնձողը ուրախանան միասին:
37. Որովհետեւ այս բանին մէջ ճշմարիտ է այն խօսքը. “Մէկը կը սերմանէ, եւ ուրի՛շ մը կը հնձէ”:
38. Ես ղրկեցի ձեզ հնձելու զայն՝ որուն համար չաշխատեցաք. ուրիշնե՛րը աշխատեցան, ու դո՛ւք մտաք անոնց աշխատանքին մէջ»:
39. Այդ քաղաքէն շատ Սամարացիներ հաւատացին իրեն՝ այդ կնոջ խօսքին համար, որ վկայեց. «Ի՛նչ որ գործեր էի՝ ամէ՛նը ըսաւ ինծի»:
40. Երբ Սամարացիները եկան իրեն, կը թախանձէին որ մնայ իրենց քով. ու մնաց հոն երկու օր:
41. Շատե՛ր իրեն հաւատացին՝ իր խօսքին համար,
42. եւ կ՚ըսէին կնոջ. «Ա՛լ կը հաւատանք՝ ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար, այլ մենք իսկ լսեցինք, ու գիտենք թէ ա՛յս է ճշմարտապէս աշխարհի Փրկիչը՝ Քրիստոսը»:
43. Երկու օր ետք՝ մեկնեցաւ անկէ եւ գնաց Գալիլեա,
44. որովհետեւ Յիսուս ինք վկայեց թէ “մարգարէ՛ մը պատիւ չ՚ունենար իր բնագաւառին մէջ”:
45. Ուրեմն երբ Գալիլեա հասաւ՝ Գալիլեացիները ընդունեցին զինք, քանի որ տեսած էին այն բոլոր հրաշքները, որ ինք ըրաւ տօնին ատենը՝ Երուսաղէմի մէջ. որովհետեւ իրենք ալ գացեր էին այդ տօնին: