Նոր Կտակարան

Հովհաննես 10:6-18 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

6. Յիսուս ըսաւ անոնց այս առակը, բայց անոնք չէին հասկնար թէ ի՛նչ էր՝ որ կը խօսէր իրենց:

7. Ուրեմն Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը”:

8. Բոլոր անոնք՝ որ եկան ինձմէ առաջ, գող եւ աւազակ էին, բայց ոչխարները մտիկ չըրին անոնց:

9. “Ե՛ս եմ դուռը”. եթէ մէկը ներս մտնէ ինձմէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ ու ելլէ, եւ արօտ գտնէ:

10. Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, բայց միայն՝ գողնալու, սպաննելու եւ կորսնցնելու համար: Ես եկայ որ կեա՛նք ունենան, եւ ճոխութեա՛մբ ունենան:

11. “Ե՛ս եմ բարի հովիւը”. բարի հովիւը կ՚ընծայէ իր անձը ոչխարներուն համար:

12. Բայց վարձկանը՝ որ հովիւ չէ եւ ոչխարները իր սեփականը չեն, երբ տեսնէ թէ գայլը կու գայ՝ կը թողու ոչխարները ու կը փախչի. եւ գայլը կը յափշտակէ ոչխարները ու կը ցրուէ զանոնք:

13. Եւ վարձկանը կը փախչի՝ որովհետեւ ինք վարձկան է, ու չի հոգար ոչխարները:

14. “Ե՛ս եմ բարի հովիւը”. կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս:

15. Ինչպէս Հայրը կը ճանչնայ զիս՝ ես ալ կը ճանչնամ Հայրը, եւ իմ անձս կ՚ընծայեմ ոչխարներուն համար:

16. Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ՝ որոնք այս բակէն չեն. զանո՛նք ալ պէտք է բերեմ. ու իմ ձայնս պիտի լսեն, եւ ըլլան մէ՛կ հօտ ու մէ՛կ հովիւ:

17. Իմ Հայրս կը սիրէ զիս՝ քանի որ ես իմ անձս կ՚ընծայեմ, որպէսզի դարձեալ առնեմ զայն:

18. Ո՛չ մէկը կ՚առնէ զայն ինձմէ, հապա ե՛ս ինձմէ կ՚ընծայեմ զայն: Իշխանութիւն ունիմ ընծայելու զայն, եւ իշխանութիւն ունիմ դարձեալ առնելու զայն. այս պատուէրը ստացայ իմ Հօրմէս»:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Հովհաննես 10