4. Կեանքը անով էր, ու կեանքը մարդոց լոյսն էր.
5. լոյսը կը փայլէր խաւարի մէջ, բայց խաւարը չճանչցաւ զայն:
6. Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար՝ որուն անունը Յովհաննէս էր:
7. Ասիկա եկաւ վկայութեան համար՝ որ վկայէ Լոյսին մասին, որպէսզի բոլորը հաւատան անոր միջոցով:
8. Ինք չէր այդ Լոյսը, հապա եկաւ՝ որպէսզի վկայէ Լոյսին մասին:
9. Ճշմարիտ Լոյսը ա՛ն էր՝ որ կը լուսաւորէ աշխարհ եկող՝՝ ամէն մարդ:
10. Ինք աշխարհի մէջ էր, եւ աշխարհը եղաւ իրմով, բայց աշխարհը չճանչցաւ զինք:
11. Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները չընդունեցին զինք:
12. Բայց անոնց՝ որ ընդունեցին զինք - անոնց՝ որ կը հաւատան իր անունին - իրաւասութիւն տուաւ Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու:
13. Անոնք ո՛չ արիւնէն եւ ո՛չ մարմինի կամքէն ծնան, ո՛չ ալ մարդու կամքէն, հապա՝ Աստուծմէ: