1. Սկիզբէն էր Խօսքը, ու Խօսքը Աստուծոյ քով էր, եւ Խօսքը Աստուած էր.
2. ան սկիզբէն Աստուծոյ քով էր:
3. Ամէն ինչ եղաւ անո՛վ. եղածներէն ո՛չ մէկը եղաւ առանց անոր:
4. Կեանքը անով էր, ու կեանքը մարդոց լոյսն էր.
5. լոյսը կը փայլէր խաւարի մէջ, բայց խաւարը չճանչցաւ զայն:
6. Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար՝ որուն անունը Յովհաննէս էր:
7. Ասիկա եկաւ վկայութեան համար՝ որ վկայէ Լոյսին մասին, որպէսզի բոլորը հաւատան անոր միջոցով:
8. Ինք չէր այդ Լոյսը, հապա եկաւ՝ որպէսզի վկայէ Լոյսին մասին:
9. Ճշմարիտ Լոյսը ա՛ն էր՝ որ կը լուսաւորէ աշխարհ եկող՝՝ ամէն մարդ:
10. Ինք աշխարհի մէջ էր, եւ աշխարհը եղաւ իրմով, բայց աշխարհը չճանչցաւ զինք: