Նոր Կտակարան

Հայտնություն 9:18-21 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

18. Այս երեք (պատուհաս) ներէն մարդոց մէկ երրորդը սպաննուեցաւ, այսինքն՝ կրակէն, ծուխէն ու ծծումբէն, որոնք կ՚ելլէին անոնց բերանէն:

19. Որովհետեւ անոնց իշխանութիւնը իրենց բերաններուն եւ պոչերուն մէջ էր, քանի որ անոնց պոչերը նման էին օձերու, եւ ունէին գլուխներ՝ որոնցմով կը վնասէին:

20. Միւս մարդիկը՝ որ չսպաննուեցան այս պատուհասներէն, չապաշխարեցին իրենց ձեռքերուն գործերէն՝ որ չերկրպագեն դեւերուն, նաեւ ոսկիէ, արծաթէ, պղինձէ, քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ լսել, ո՛չ ալ քալել:

21. Նաեւ չապաշխարեցին ո՛չ իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ իրենց պոռնկութենէն, ո՛չ ալ իրենց գողութիւններէն:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Հայտնություն 9