Նոր Կտակարան

Հայտնություն 21:4-13 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

4. Ի՛նք պիտի սրբէ անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները. ա՛լ մահ պիտի չըլլայ, ո՛չ սուգ, ո՛չ գոչիւն: Այլեւս բնա՛ւ ցաւ պիտի չըլլայ, որովհետեւ առաջուան բաները անցան»:

5. Գահին վրայ բազմողը ըսաւ. «Ահա՛ նո՛ր կ՚ընեմ բոլոր բաները»: Եւ ըսաւ ինծի. «Գրէ՛, որովհետեւ այս խօսքերը ճշմարիտ ու վստահելի են»:

6. Նաեւ ըսաւ ինծի. «Եղա՛ւ. ե՛ս եմ Ալֆան եւ Օմեղան, Սկիզբն ու Վախճանը. ես ծարաւին ձրի՛ պիտի տամ կեանքի ջուրին աղբիւրէն:

7. Ա՛ն որ կը յաղթէ՝ պիտի ժառանգէ բոլոր բաները, ու ես Աստուած պիտի ըլլամ անոր, ան ալ որդի պիտի ըլլայ ինծի:

8. Բայց երկչոտներուն, անհաւատներուն, գարշելիներուն, մարդասպաններուն, պոռնկողներուն, կախարդներուն, կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը՝ պիտի ըլլայ կրակով ու ծծումբով վառող լիճին մէջ, որ երկրորդ մահն է»:

9. Եօթը վերջին պատուհասներով լեցուն եօթը սկաւառակները ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը եկաւ եւ ինծի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եկո՛ւր. ցոյց պիտի տամ քեզի հարսը՝ Գառնուկին կինը»:

10. Ու հոգիով տարաւ զիս մեծ եւ բարձր լերան մը վրայ, ու ցոյց տուաւ ինծի սուրբ քաղաքը՝ Երուսաղէմը, որ կ՚իջնէր երկինքէն՝ Աստուծմէ,

11. եւ ունէր Աստուծոյ փառքը: Անոր լուսաւորութիւնը շատ պատուական քարի նման էր, բիւրեղեայ յասպիս քարի պէս:

12. Անոր պարիսպը մեծ ու բարձր էր, եւ ունէր տասներկու դուռ. տասներկու հրեշտակներ կային դռներուն քով, որոնց վրայ գրուած էին անուններ, այսինքն՝ Իսրայէլի որդիներուն տասներկու տոհմերուն անունները.

13. արեւելքէն՝ երեք դուռ, հիւսիսէն՝ երեք դուռ, հարաւէն՝ երեք դուռ, արեւմուտքէն՝ երեք դուռ:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Հայտնություն 21