Նոր Կտակարան

Հայտնություն 18:1-10 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

1. Ասկէ ետք՝ տեսայ (ուրիշ) հրեշտակ մը, որ երկինքէն կ՚իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր, ու երկիրը լուսաւորուեցաւ անոր փառքով:

2. Ան հզօր ձայնով աղաղակեց. «Կործանեցա՜ւ, կործանեցա՜ւ մեծ Բաբելոնը, եւ եղաւ դեւերու բնակավայր, ամէն անմաքուր ոգիի բանտ, ու ամէն անմաքուր եւ ատելի թռչունի բանտ.

3. որովհետեւ բոլոր ազգերը խմեցին անոր պոռնկութեան զայրոյթի գինիէն, երկրի թագաւորները պոռնկեցան անոր հետ, ու երկրի առեւտրականները հարստացան անոր պերճանքին զօրութենէն»:

4. Լսեցի երկինքէն ուրիշ ձայն մըն ալ՝ որ կ՚ըսէր. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէսզի հաղորդակից չըլլաք անոր մեղքերուն ու բաժին չստանաք ատոր պատուհասներէն.

5. որովհետեւ ատոր մեղքերը կուտակուեցան մինչեւ երկինք, եւ Աստուած յիշեց անոր անիրաւութիւնները:

6. Հատուցանեցէ՛ք անոր՝ ինչպէս ինք հատուցանեց, ու կրկնապատի՛կ փոխարինեցէք անոր՝ իր արարքներուն համեմատ: Այն բաժակը որ ինք լեցուց՝ կրկնապատի՛կ լեցուցէք իրեն:

7. Ո՛րչափ փառաւորեց ինքզինք եւ ապրեցաւ պերճանքով, ա՛յդչափ ալ տանջա՛նք ու սո՛ւգ տուէք անոր, որովհետեւ իր սիրտին մէջ կ՚ըսէ. “Ես կը գահակալեմ իբր թագուհի. բնա՛ւ այրի չեմ եւ բնա՛ւ սուգ պիտի չտեսնեմ”:

8. Ուստի մէ՛կ օրուան մէջ պիտի գան անոր պատուհասները՝ մահ, սուգ ու սով, եւ կրակով պիտի այրուի. որովհետեւ հզօ՛ր է զայն դատող Տէր Աստուածը:

9. Երկրի թագաւորները, որ պոռնկեցան անոր հետ եւ ապրեցան պերճանքով, պիտի լան ու հեծեծեն անոր վրայ, երբ տեսնեն անոր հրդեհին ծուխը:

10. Անոր տանջանքին վախէն՝ հեռու պիտի կայնին եւ ըսեն. “Վա՜յ, վա՜յ քեզի, մե՛ծ Բաբելոն քաղաք, հզօ՛ր քաղաք, քանի որ մէ՛կ ժամուան մէջ եկաւ քու դատաստանդ”:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Հայտնություն 18