Նոր Կտակարան

Հայտնություն 13:2-15 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

2. Այդ գազանը նման էր ընձառիւծի. անոր ոտքերը՝ արջի ոտքերու պէս էին, եւ անոր երախը՝ առիւծի երախի պէս: Վիշապը տուաւ անոր իր զօրութիւնը, իր գահն ու մեծ իշխանութիւն:

3. Անոր գլուխներէն մէկը մորթուածի պէս էր. բայց անոր մահացու վէրքը բուժուեցաւ, եւ ամբողջ երկիրը սքանչանալով գազանին հետեւեցաւ՝՝:

4. Անոնք երկրպագեցին վիշապին՝ որ իշխանութիւն տուաւ գազանին, ու երկրպագեցին գազանին՝ ըսելով. «Ո՞վ նման է գազանին. ո՞վ կրնայ պատերազմիլ անոր հետ»:

5. Անոր տրուեցաւ բերան մը՝ մեծ բաներ եւ հայհոյութիւններ խօսող, ու իշխանութիւն տրուեցաւ անոր՝ ընելու իր կամքը քառասուներկու ամիս:

6. Հայհոյութեամբ բացաւ իր բերանը Աստուծոյ դէմ, եւ հայհոյեց անոր անունին, խորանին ու երկինքը բնակողներուն դէմ:

7. Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմելու եւ յաղթելու անոնց: Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր տոհմերուն (եւ ժողովուրդներուն) ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ:

8. Անոր պիտի երկրպագեն բոլոր անոնք որ կը բնակին երկրի վրայ եւ որոնց անունը աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր գրուած չէ մորթուած Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ՝՝:

9. Ո՛վ որ ականջ ունի, թող լսէ:

10. Ա՛ն որ գերեվարէ, ի՛նք գերի պիտի տարուի. ա՛ն որ սուրով սպաննէ, պէտք է որ սուրո՛վ սպաննուի: Հո՛ս է սուրբերուն համբերութիւնն ու հաւատքը:

11. Տեսայ նաեւ ուրիշ գազան մը, որ կը բարձրանար երկրէն. ունէր երկու եղջիւր՝ գառնուկի նման, եւ կը խօսէր վիշապի պէս:

12. Կը վարէր առաջին գազանին ամբողջ իշխանութիւնը՝ անոր առջեւ, ու կը ստիպէր երկիրը եւ անոր բնակիչները՝ որ երկրպագեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը բուժուած էր:

13. Մեծ նշաններ կ՚ընէր, եւ մինչեւ անգամ երկինքէն կրակ կ՚իջեցնէր երկրի վրայ՝ մարդոց առջեւ:

14. Կը մոլորեցնէր երկրի բնակիչները այն նշաններով՝ որ ընելու կարողութիւն տրուած էր իրեն՝ գազանին առջեւ: Կ՚ըսէր երկրի բնակիչներուն որ շինեն պատկերը այն գազանին՝ որ սուրով վիրաւորուած էր բայց ապրեցաւ:

15. Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Հայտնություն 13