Նոր Կտակարան

Գործք 7:37-51 Արևմտյան Հայերէն Նոր Կտակարան 1853 (WA53)

37. Այս Մովսէսն է որ ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. “Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ձեր եղբայրներէն պիտի հանէ ձեզի մարգարէ մը՝ ինծի նման. մտի՛կ ըրէք անոր”:

38. Ասիկա ա՛ն է որ համախմբումին մէջ էր՝ անապատը, Սինա լերան վրայ իրեն խօսող հրեշտակին եւ մեր հայրերուն հետ: Ան կենարար պատգամներ ընդունեց՝ մեզի տալու.

39. բայց մեր հայրերը չուզեցին անոր հնազանդիլ, հապա զայն վանեցին իրենցմէ ու Եգիպտոս դարձան իրենց սիրտին մէջ՝

40. ըսելով Ահարոնի. “Աստուածնե՛ր շինէ մեզի, որպէսզի երթան մեր առջեւէն. որովհետեւ այդ Մովսէսը՝ որ հանեց մեզ Եգիպտոսի երկրէն, չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղաւ անոր”:

41. Այն օրերը շինեցին հորթ մը, զոհ մատուցանեցին կուռքին, եւ կ՚ուրախանային իրենց ձեռքերուն գործերով:

42. Աստուած ալ երես դարձուց ու մատնեց զանոնք պաշտելու երկինքի աստղերը, ինչպէս գրուած է Մարգարէներու գիրքին մէջ. “Միթէ ինծի՞ մատուցանեցիք մորթուած անասուններ եւ զոհեր՝ քառասուն տարի անապատին մէջ, ո՛վ Իսրայէլի տունը:

43. Հապա կրեցիք Մողոքի վրանը ու ձեր Հռեմփա աստուծոյն աստղը, ձեր կերտած պատկերները՝ անոնց երկրպագելու համար: Ես ալ պիտի տարագրեմ ձեզ Բաբելոնի միւս կողմը”:

44. «Անապատին մէջ՝ մեր հայրերը ունէին վկայութեան խորանը, ինչպէս Մովսէսի հետ խօսողը պատուիրած էր որ շինէ զայն՝ տեսած տիպարին պէս:

45. Անոնց յաջորդող մեր հայրերն ալ՝ զայն ստանալով՝ Յեսուի հետ մտցուցին կալուածը այն հեթանոսներուն, որ Աստուած վանեց մեր հայրերուն առջեւէն: Հոն մնաց մինչեւ Դաւիթի օրերը,

46. որ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ եւ ուզեց բնակարան մը կառուցանել Յակոբի Աստուծոյն.

47. բայց Սողոմո՛ն տուն մը կառուցանեց անոր:

48. Սակայն Ամենաբարձրը չի բնակիր ձեռակերտ տաճարներու մէջ, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ.

49. “Երկինքը իմ գահս է, ու երկիրը իմ ոտքերուս պատուանդանն է. ինչպիսի՞ տուն պիտի կառուցանէք ինծի,- կ՚ըսէ Տէրը,- կամ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ իմ հանգստավայրիս տեղը.

50. միթէ իմ ձեռքս չէ՞ շիներ այս բոլորը”:

51. «Խստապարանոցնե՛ր ու սիրտով եւ ականջով անթլփատնե՛ր, դուք միշտ կ՚ընդդիմանաք Սուրբ Հոգիին, ինչպէս ձեր հայրերը՝ այնպէս ալ դուք:

Կարդալ ամբողջական գլուխ Գործք 7